Հայ Eng
AYSOR.AM
15:37 20/04
AYSOR.AM

Այն, ինչ Ալիևը 2023-ին կատարեց Արցախի դեմ, նույն քաղաքականությամբ ահ ու սարսափի կենթարկի Հայաստանի քաղաքացիներին․ ՄՔԴ նախկին դատախազ

Միջազգային քրեական դատարանի նախկին գլխավոր դատախազ  Լուիս Մորենո Օքամփոն դասախոսել է Անթիլիասի Մայրավանքում։ Այդ մասին հայտնում են Կիլիկիո Կաթողիկոսությունից։

«Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, Ուրբաթ, 19 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի վեհարանի դահլիճին մէջ, Միջազգային Քրէական Դատարանի հիմնադիր ու առաջին դատախազ դոկտ. Լուիս Մօրէնօ Օքամփօ դասախօսեց լիբանանահայ կազմակերպութիւններու, կրթական ու ընկերային միութիւններու, կուսակցական եւ յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներուն ներկայութեան։ Դասախօսուոթեան նիւթն էր «Ցեղասպանութեան հռչակագրի հռչակումէն 75 տարի ետք, ինչո՞ւ աշխարհը կը ձախողի հռչակագրի հրամայականներուն պատասխանել»։

Բարի գալստեան խօսք արտասանեց Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան անդամ Ռիթա Մելեքեան, որ ջերմօրէն ողջունելէ ետք ներկաները՝ ներկայացուց յայտագիրը

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի անդամ եւ Պէյրութի Ամերիկեան, ու Լիբանանի Պետական համալսարաններուն մէջ քաղաքական գիտութեան եւ միջազգային օրէնքի դասախօս դոկտ. Նորա Պայրագտարեան։ Ան համապարփակ ակնարկ մը նետեց միջազգային օրէնքին մէջ ցեղասպանութեան հռչակագրին որդեգրումին եւ անոր յաջորդող առնուած քայլերուն՝ կանխարգիլելու համար ցեղասպանութիւնները եւ հաշուի կանչելու համար ցեղասպանները։ Ան ըսաւ, որ ցեղասպանութեան հռչակագիրը իր մէջ ներառած էր Միջազգային Քրէական Դատարանին կազմութեան տեսիլքը ու հիմնադիր բնագիրը եւ ազդեցութիւն ունեցած է զանազան միջազգային օրէնքներու կազմաւորման վրայ։ Դոկտ. Պայրագտարեան դիտել տուաւ, որ հակառակ ցեղասպանութեան հռչակագրին, որուն կազմութեան դրդապատճառներէն հիմնականն էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը, պետութիւններուն վրայ դրած պարտքին, անոր կիրառումը կը մնայ մեծապէս թերի։ Ցեղասպանութեան հռչակագրին կենդանի ժառանգութիւնը արտացոլելու եւ անոր ձախողութեան խնդիրները հարցադրելու միտումով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կազմակերպեց այս դասախօսական երեկոն՝ հրաւիրելով մեծահամբաւ դատախազ դոկտ. Լուիս Մօրէնօ Օքամփօ։ Ուստի, դոկտ. Պայրագտարեան ջերմօրէն ողջունեց դատախազը՝ հրաւէրը ընդառաջելուն համար, եւ ամփոփ կերպով ներկայացուց անոր ասպարէզին կենսագրականը, որ հարուստ է խիզախ կեցուածքներով, ի մասնաւորի Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն առնչուած... fade

Ցուցադրված է նյութի 30%
Լրահոս
FREENEWS.AM
01:57 04/05
FREENEWS.AM

Ասիական ինդեքսներ
Մանրամասներ
  
Բեռնվում է...